Ուղեղային կեդրոնները անկարող են օգնել Քաղաքականութիւն մշակողներուն
Manage episode 339145184 series 3346808
Ուղեղային, վերլուծական կեդրոններ եղած են եւ կան Հայաստանի մէջ, սակայն անոնց ներդրումը երկրի արտաքին կամ ներքին քաղաքականութեան մշակման գործին գրեթէ աննշան է։ Այս կարծիքին է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան ու միջազգային յարաբերբւթիւններու դասախօս Ասպետ Գոչիկեան։ Հայաստանի մէջ վերլուծական կեդրոններու մէջ աշխատելու ատակ մասնագէտներ կան, սակայն հրապարակուած վերլուծումներուն կը պակսի խորքն ու որակը։ Լաւագոյն մասնագէտները չեն աշխատիր վերլուծական-ուղեղային կեդրոններու մէջ գլխաւորաբար վարձատրութեան ցած մակարդակի պատճառով, համոզուած է փրոֆ. Գոչիկեան։ Վերլուծական կեդրոններու թերացումներէն մէկը, ըստ Գոչիկեանի, իրենց գործունէութեան շուրջ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու, իրենց աշխատանքը ջատագովելու ուղղութեամբ նախաձեռնութեան պակասն է։
483 حلقات