Ընդիմութիւնը նոր պատգամ ունի՞ որ տարբեր արդիւնք ակնկալէ
Manage episode 339731334 series 3346808
Անցեալին յաջողութեամբ կիրարկուած դասական գործելակերպ որդեգրելով ընդիմութիւնը իր առաջադրանքը չէ կրցած իրականացնել գլխաւորաբար յստակ պատգամ մը չունենալու պատճառով։ Պատգամ մը, որուն շուրջ կրնար հաւաքուիլ այն ուժական զանգուածը, որ կրնար իշխանափոխութիւնը իր աւարտին հասցնել։
Սեպտեմբեր 2ին դարձեալ փողոցային ցոյցերով ու քայլարշաւներով իրենց ընդիմադիր գործունէութիւնը վերսկսողները, երկար լռութենէ ու կրաւորականութենէ ետք ինչպէ՞ս պիտի կարենան համոզիչ խօսքով ու պատգամով ներկայանալ ժողովուրդին։
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Ասպետ Գոչիկեան թերահաւատ է, որ Սեպտեմբեր 2ին եւ անկէ ետք ընդիմութիւնը պիտի յաջողի իշխանափոխութեան իր նպատակը իրականացնել։ Այս մասին ան իր կարծիքը յայտնեց Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն՝ Աբօ Պողիկեանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։
483 حلقات